2013-12-28 13:52:12

Վատիկանի բանբեր` հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին, 2013-ի ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան տարեվերջի առաջին հաշուեկշիռը։


Ռատիովատիկանի տուած տարեվերջի աւանդական հարցազրոյցին ընթացքին, Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Յիսուսեան հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտին հաստատեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր օրինակով, յանձնառումով, բազմաթիւ պատգամներով ու նախաձեռնութիւններով, մասնաւորապէս հայող ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, ընդգծեց Եկեղեցւոյ ուղեգիծը։

Հայր Լոմպարտիի գնահատումով շատ տպաւորիչ է ներկայ աշխարհի վերապահած շահագրգռութիւնը Քահանայապետին խօսքերուն ու նախաձեռնութիւններուն։ Սրբազան Պապը լիովին կը համապատասխանէ մարդկութեան ակնկալութիւններուն` սիրոյ փնտռտուքին ու քաջալերանքին, իր պատգամը կեդրոնացնելով Աստուծոյ ողորմութեան վրայ։ Պատգամ մը որ լիովին հասկնալի դարձաւ բոլորին շնորհիւ Քահանայապետի համեստ ու պարզ ոճին։

Միաժամանակ Հայր Լոմպարտին ընդգծեց որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հրաժարականը ոչ միայն յատկանշեց 2013 տարին այլ եւ իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Եկեղեցւոյ վրայ յառաջիկայ դարերու հոլովոյթին։ Իր այս յանդուգն եւ միաժամանակ լուսամիտ ու համեստ նախաձեռնութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ նոր ճամբայ մը բացաւ Եկեղեցւոյ առջեւ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'ուզէր որ Եկեղեցին ունենայ ուժգին առաջնորդ մը, այն ինչ որ զարմանալիօրէն ու անսպասելիօրէն տեղի ունեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.